2016-12-21 10:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Յիսուսի Ծնունդը յոյսի աղբիւր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները անդրադարձաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին զայն որակելով որպէս Յոյսի ակնաղբիւր։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու մատնանշելով թէ ''Յոյսի'' նիւթը` աւելի քան երբեք ատակ է յիսնակաց շրջանին։

Նորին Սրբութիւնը  մէջբերեց ապա Եսայի մարգարէին խօսքերը ''Աստուծոյ Որդոյն մարդեղութեամբ յոյսը մտաւ աշխարհ''. Աստուած արդարեւ կ՛իրագործէ իր խոստումը, մինակ չի լքեր իր ժողովուրդը, անոր կը մօտենայ մինչեւ իսկ իր աստուածութենէն մերկացումը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց - Աստուած այս ձեւով ցոյց կու տայ իր հաւատարմութիւնը ու սկիզբ կու տայ նոր թագաւորութեան որ նոր յոյս կը ներշնչէ մարդկութեան­` յաւիտենական կեանքը։

Երբ կը խօսինք յոյսի մասին, կը նշուի թէ այս մէկը տեսանելի չէ եւ ոչ ալ մարդու իշխանութենէն կախեալ­, յարեց ապա Սրբազան Պապը,  ընդգծելով թէ ''Քրիստոսի Ծնունդը սակայն մեզի կը խօսի տարբեր յոյսի մասին, վստահելի յոյս մը, տեսանելի ու հասկնալի յոյս մը, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ վրայ։ Ան աշխարհ կը մտնէ ու մեզի դէպի իրեն` կեանքի լիութեան ընթանալու ուժը կը պարգեւէ։ Քրիստոնեային համար յուսալ կը նշանակէ վստահ ըլլալ թէ կը քալենք Քրիստոսի հետ դէպի Հայրը` որ մեզ կը սպասէ։ Այս յոյսը որ Բեթղեհէմի Մանուկը մեզի կը պարգեւէ, ունի նպատակակէտ` մարդկութեան փրկութիւնը, որ է երանութիւնը բոլոր անոնց որոնք Ողորմած Աստուծոյ կը վստահին, ինչպէս կը մատնանշէ Սուրբ Պօղոս. ''յոյսի մէջ բոլորս փրկուեցանք'' (Հռվմ 8,24)։

Քրիստոնեաներու տուներուն մէջ Յիսնակաց շրջանի ընթացքին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հաստատած աւանդութեան համաձայն, կը պատրաստուի մսուրը որ իր պարզութեան մէջ կը փոխանցէ յոյս ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով մսուրին դերակատարներուն։

Յիսուս ծնաւ Բեթղէհեմի մէջ, Յուդայի քաղաքի փոքր գիւղի մը մէջ ուր հազար տարիներ առաջ ծնած էր նաեւ Դաւիթ Մարգարէն, զոր Աստուած ընտրած էր որպէս Իսրայէլի ժողովուրդի թագաւոր։

Բեթղեհէմը մայրաքաղաք չէ` եւ ասոր համար նախընտրուած է Աստուածային նախախնամութենէն, որ կը սիրէ գործել փոքրիկներու ու խոնարհներու միջոցաւ։ Այդ վայրին մէջ ծնաւ այդքան սպասուած Դաւիթի Որդին` Յիսուսը­, որուն մէջ իրարու կը հանդիպին Աստուծոյ եւ մարդուն յոյսը։

Մսուրին մէջ կայ ապա Մարիամը` յոյսի Մայրը­­, որ իր ''այոյով'' Աստուծոյ առջեւ բացաւ մեր աշխարհին դռները, անոր երիտասարդի սիրտը լի էր յոյսով, եւ ոգեւորուած հաւատքով։

Ապա կայ Յովսէփը որ իր կարգին հաւատաց Հրեշտակի խօսքին ու նայելով Մանուկին որ կը քնանայ մսուրին մէջ­, ան կը խորհի թէ այդ Մանուկը կու գայ Սուրբ Հոգիէն եւ որ նոյնինքն Աստուած հրամայած էր զայն անուանել Յիսուս։ Անուն մը որուն մէջ ներառուած է մարդուն յոյսը, որովհետեւ Անոր միջոցաւ Աստուած պիտի ազատէ մարդկութիւնը չարէն ու մեղքէն։

Մսուրին մէջ կան ապա հովիւները որոնք կը պատկերացնեն աղքատները։  Անոնք այդ Մանուկին մէջ կը տեսնեն խոստումին իրականացումը ու կը յուսան որ Աստուծոյ փրկութիւնը հասանելի ըլլայ նաեւ իրենցմէ իւրաքանչիւրին։

Անոնք որոնք կը վստահին իրենց սեփական ապահովութեան, ու յատկապէս նիւթականին, չեն սպասեր Աստուծոյ փրկութիւնը։ Մինչ փոքրիկները կը վստահին Աստուծոյ, Անոր վրայ կը դնեն իրենց յոյսը եւ կ՛ուրախանան երբ այդ Մանուկին մէջ կը տեսնեն հրեշտակին ցոյց տուած նշանը։

Քրիստոնէական յոյսը կ՛արտայայտուի Աստուծոյ փառաբանութեան եւ գոհաբանութեան մէջ, որ հաստատեց իր սիրոյ, արդարութեան ու խաղաղութեան թագաւորութիւնը`  ''Փառք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ, բարեացակամ մարդոց'' շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակելով հրաւիրեց խոկալ  մսուրի մասին. ու պատրաստուիլ մեր Տիրոջ Ծննդեան։ ''Այդ պիտի ըլլայ իսկական տօն եթէ մենք ընկալենք Յիսուսը որ է յոյսի սերմը զոր Աստուած զետեղեց մեր անձնական ու հասարակական պատմութեան մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ  ''Յիսուսին ուղղուած ամէն մէկ Այոն` Յոյսի աճող ծիլ է'' ապա` ''Բարի Յոյսի Ծնունդ'' մաղթեց բոլոր ներկաներուն։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն հրաւիրելով զանոնք` Մարիամի խոնարհութեամաբ ու հաւատքով պատրաստուիլ մարդեղութեան խորհուրդին։ Սուրբ Կոյսէն քաղել ուժն ու գորովը` ընկալելու Յիսուսը մեր մէջ, ապա Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի օրինակով  յառաջ տանիլ ընտանեկան կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.